Երկուշաբթի, 27 յունուարին, ֆրանիչսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երիտասարդներուն ուղղած
յատուկ թուիթով մը, հրաւիրեց զանոնք ''հրապուրուիլ Աստուծմով'' եւ ամէն բանէ որ ճշմարիտ
ու գեղեցիկ է։ Իր թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց`
''Սիրելի երիտասարդներ,
մի' բաւարարուիք միջակ կեանք մը ապրիլ։ Հրապուրուեցէք՝ այն բանէ որ գեղեցիկ ու ճշմարիտ
է, հրապուրուեցէք Աստուծմով''։